Զարմանազանը լեզուական խտացեալ ծրագիր մըն է, որ մասնակիցներուն հնարաւորութիւնը կ՚ընծայէ լիովին սուզուելու արեւմտահայերէնի մէջ։
Հոն բոլորին գործածած եւ հաղորդակցութեան լեզուն հայերէնն է։
Զարմանացանը բաց է Սփիւռքի բոլոր պատանիներուն, երիտասարդներուն եւ ուսուցիչներուն։
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք որ՝ 2024-ին Զարմանազանի երկու տարբեր ճամբարներ տեղի պիտի ունենան, մէկը՝ Ֆրանսայի, միւսը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Քալիֆորնիայի մէջ կը մասնակցին՝
7 Յունիսէն 27 Յունիս10-էն 17 տարեկան պատանիներ
Յաւելեալ տեղեկութիւններ ➜
Ֆրանսայի մէջ կը մասնակցին՝
11 Յուլիսէն 6 Օգոստոս10-էն 17 տարեկան պատանիներ
8 Յուլիսէն 8 Օգոստոս18-էն 24 տարեկան երիտասարդներ
Տեղի պիտի ունենայՖրանսայի մէջ։